«Բանաւոր»ին սկսելու ատեն, որոշած էինք հանդիպումնպեր ունենալ Պոլսոյ մէջ։ Պիտի տեսակցէինք այն անձերուն հետ, որոնցմէ կարելի պիտի ըլլար մանրամասն տեղեկություններ քաղել խոհարարական յիշողության մասին, իսկ յետոյ՝ առցանց հարթակներու միջոցաւ սփիւռքահայերու հետ պիտի տեսակցէինք:

Պոլսոյ մէջ քանի մը հարցազրոյց արդէն ըրած էինք, երբ մտածեցինք մեր Հայաստան ճամբորդութեան մասին։ Մէկ կողմէն Պոլսոյ մէջ կը շարունակէինք մեր հանդիպումները, միւս կողմէն պատմական հայաբնակ տարածքներէն դուրս ապրող հայերուն հետ հարցազրոյցներու կարեւորութեան կ՚անդրադառնայինք։ Ամերիկա, Արժանթին, Եւրոպա, Պրազիլ, Քանատա եւ Լիբանանէն հայերու հետ առցանց հանդիպումներ ալ ունեցած էինք, սակայն տակաւին չէինք երեւակայէր որ կարելի պիտի ըլլար Պոլիսէն դուրս հաւաքականութեան մը հետ դէմ դիմաց ըլլալ։

Սուրիահայեր Երեւանի մէջ

պլօկ

Հիմա, քանի մը ամսուան աշխատանքէն ետք, կը զգանք թէ որքան կարեւոր էր մեզի համար աշխարհի տարբեր կողմերէն հայերուն հանդիպիլ ու զրուցել։ Կը զգանք որ թէ՛ այնքան նման ենք իրարու, թէ՛ շատ տարբեր։ Ամէն երկրէ եւ նոյնիսկ իւրաքանչիւր քաղաքէն անձերու հետ հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձանք,  որ ամէն մէկուն հայերէնը քիչ մը տարբեր է։ Ամէն մէկ հարցազրոյցի ատեն տարբեր բառեր եւ մեղեթիներ կու գային մեր ականջներուն։ Այս «տարբեր» հայերէնները լսել, զանոնք արխիւի վերածել, մեզի համար աննկարագրելի փորձառութիւն մը եղաւ։

Ճիշդ է որ Բանաւորի ծրագրաւորման փուլին որոշ գաղափարներ ունէինք թէ ուր կրնանք գտնել տարբեր խմբաւորումներ, բայց ինչպէս թրքերէն առածը կ՚ըսէ. «կառավանը ճամփուն վրայ կը շարուի»։ Այսինիքն մինչեւ ճամբայ չելլես, կարելի չէ գործը կարգի դնել եւ մեր ալ աշխատանքը ձեւ ստացաւ ճամփայ ելլելնէս ետք։ 2021-ի Նոյեմբերին Հայաստան գացինք եւ մեր բարեկամ Ազնիւ Ստեփանեանին նետ հանդիպում մը ունեցանք։ Ազնիւ սուրիահայ է եւ վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է Երեւանի մէջ։ Այս հանդիպումը նոր ուղղութիւններ բացաւ մեր ծրագրիրին առջեւ։ Երբ Ազնիւին պատմեցինք «Բանաւոր»ին մասին, անմիջապէս հարցուց. «Ինչո՞ւ սուրիահայերուն հետ հանդիպումներ չէք ունենար, քանի որ դեռ Հայաստան էք, եւ շատեր կան այստեղ որ ձեզի յարմար պատմութիւններ ունին։» Ճիշդ հարցում մըն էր ասիկա։ Գործի լծուեցանք ու Հայաստան բնակող սուրիահայերուն հետ հարցազրոյցներ սկսանք ընել։ Ազնիւէն խնդրեցինք որ մեզի օգնէ հանդիպումներու ճիշդ անձերը գնելու համար։ Ազնիւին միջնորդութեամբ է որ շատ մը տուներուն դռները մեր առջեւ բացուեցան։

Ճամբաներ եւ փոխուող համեմունքներ

Հայաստանի մեր բոլոր հանդիպումները Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ընտանիքներով գաղթածներու հետ էր։ Մօտ անցեալին իրենց ենթարկուած փորձառութիւնները՝ պատերազմին ազդեցութիւնները, բռնի գաղթը եւ յառաջ եկած փոփոխութիւններու նիւթերը շատ արագ ցոյց տուին որ սուրիահայերուն հետ մեր ունեցած հանդիպումները որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլային միւսներէն։ Պատերազմը եւ գաղթը որքա՜ն ազդեցութիւն ունին մշակութային փոփոխութեան վրայ։ Մինչ մեր նախորդ հանդիպումները կը ծանրանային ընտանիքներուն Ցեղասպանութենէն ետք վերապրումին ու նոր ու օտար երկրին մէջ փորձառութիւններուն շուրջ, սուրիահայերը կը կեդրոնային իրենց նորագոյն գաղթի պատմութիւններուն վրայ։ Մեր սփիւռքահայ զրուցակիցները կը պատմեն թէ ինչպէս ակումբներու, դպրոցներու եւ եկեղեցիներու միջոցաւ կ՚ապրէին եւ կը շարունակեն ապրիլ իրենց արեւմտահայ մշակոյթը, իսկ Հայաստանի սուրիահայերը բացատրեցին որ հակառակ Սուրիոյ կազմակերպուած մշակութային կեանքին, Հայաստանի մէջ իրենց մշակոյթը մեծ մասամբ սահմանափակուած կը մնայ տուներէն ներս։ Յիշելով Հալէպի կեանքը, Տալիտա Քահքեճեանը այս խօսքերը կ՚ըսէ.

«Օրինակ ես կը յիշեմ տարիներ եղած է որ մենք Զատիկին շոգոլա չենք հասցուցած, թէ պզտիկներ կու գային թէ հարազատներ կու գային, տարիներ եղած է որ կեսուրս ետ շուկայ իջած է ետ շոգոլա գնած բերած է, անանկ որ տուներնիս հիւրերնիս պակաս չէր ըլլար: Անշուշտ պզտիկներն ալ շատ կուտէին այդ շրջանին, շատ շուտ կը վերջանար։ Ատոր համար շատ աղուոր կ՚անցնէր այդ առիթները, այդ տօնական օրերը: Այդ Սուրիոյ առիթները հոստեղը չենք կրնար կոր վայելել, մէկ խօսքով, չի կայ հոստեղը: Մանաւանդ որ մինակդ մնաս նէ, օրինակ զաւակներդ չկան, այդ Զատիկի օրերուն, այդ նոր տարիի օրերուն քիչ մը դժուար կ՚ըլլայ կոր:»

Ընտանիքներուն գաղթերու պատմութիւնները բազգմաշերտ էին։ Դէպի Սուրիա եւ Սուրիայէն դէպի Հայաստան։ Յաճախ երկու գաղթերուն պատմութիւնները իրար անցած էին, բաժանման գիծերը պղտորցած։ Մեր կատարած ամէն մէկ հարցազրոյց անպայման ունէր գաղթի պատմութիւն մը։ Օրինակ՝ Այնթապցի ընտանիքի մը պատմութիւնը լսելու ատեն կը գիտնանք ինչպէս 1915-ին նախ Հալէպ, յետոյ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին Հալէպէն Երեւան գաղթած են, կարծես թէ երկու պատմութիւններուն միջեւ 100 տարուան հեռաւրութիւն մը չըլլար։

Կան տակաւին ալ աւելի խրթին շերտեր։ Օրինակի համար Թալին Իշխանեանին պատմութիւնը ամենէն շերտաւոր պատմութիւններէն մէկն է. իր նախնիները ուրֆացի եւ այնթապցի են, իսկ ինքը՝ ծնած ու մեծցած Լիբանանի մէջ, ներկայիս կը բնակի Հայաստան։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք Սուրիա գաղթած Թալինը, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն վերջ ալ ստիպուած եկած է Հայաստան։

«Լիբանան ծնած եմ բայց իմ մամաս եւ պապաս, մամաս աւելի Հէօլլիւկ է։ […] Երբ որ Լիբանան պատերազմը սկսաւ նէ պատերազմին պատճառաւ տեղափոխուեցանք Հալէպ։ […] Հոս տեղի կեանքը Հալէպի կեանքին հետ չենք կրնար համեմատել։ Հոն ուրիշ եր կեանքը։ Վստահ եմ ամեն տեղ ալ կեանքը նոյնը չէ։ Բայց լաւ է որ Հայրենիքի մէջն ենք։»

Գաղթը իր հետ մարդերէն զատ նաեւ առարկաներ, սովորութիւններ ու մշակոյթ կը տեղափոխէ։ Ժամանակին Այնթապի խոհանոցներու մէջ  պատրաստուող «մածունով քէօֆթէ»ն այնթապցիներուն հետ պիտի գաղթէր եւ այս իւրայատուկ ճաշատեսակն ալ անոր տէրերուն նման իւրաքանչիւր նոր քաղաքի մէջ փոփոխութեան ենթարկուէր։ Որքան ալ ջնջին ըլլայ այս փոփոխութիւնը, «մածունով քէօֆթէ»ին բաղադրիչները եւ չափը Այնթապէն Հալէպ, Հալէպէն Երեւան գաղթող ընտանիքի մը պատմութիւնն է։

Որքան ալ ջնջին ըլլայ այս փոփոխութիւնը,
«մածունով քէօֆթէ»ին բաղադրիչները եւ չափը Այնթապէն Հալէպ,
Հալէպէն Երեւան գաղթող ընտանիքի մը պատմութիւնն է։

Գաղթող ճաշատեսակներ, համեմունքներ ու բազմաթիւ բաղադրիչ նիւթերը փոփոխութեան կ՚ենթարկուին բնականաբար։ Փոխուած մածունը, համեմունքը, կարագը, միսը ու անանուխը անխուսափելիօրէն տարբեր հետք մը ձգեն ճաշին վրայ։ Այս փոփոխութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ որ Հայաստանի մէջ մեզի իր խոհանոցը հիւր ընդունած Տալիտա քոյրիկը նոյն ճաշը պատրաստելու ու եփելու համար տարբեր ճամբաներ կը փորձէ։ Որքան ալ անունը նոյնը մնայ, Երեւանի մէջ եղողը ի վերջոյ այլ «մածունով քէօֆթէ» մըն է, անոր համը նոր տարբերակ մը ունի, նոյնը չէ Հալէպական ճաշին հետ։

Արժանթինէն մինչեւ Լիբանան բազմաթիւ հայեր մեծերէն փոխանցուած ճաշատեսակները իրենց խոհանոցներուն մէջ այսօր կը շարունակեն պատրաստել։ Թէեւ իրարմէ հազարաւոր քիլոմեթրներով հեռու, բայց ժամանակի դրացի գիւղերէն կամ գաւառներէն եկողները վստահաբար կը շարունակեն իրար նման ճաշեր ունենալ։ Սուրբ Զատիկի շրջանին  ամէնն ալ չէօրէք կը պատրաստեն, սակայն պոլսահայերը իրենց յոյն դրացիներուն ազդեցութեան պատճառաւ մաստիկ ու մահալեբ կը գործածեն, մինչ Լիբանան ու Սուրիա բնակողներ այլ համեմունքներ գործածել կը նախնտրեն։ Այս իրավիճակը երբեմն նոյն սեղանին վրայ տարբեր տեսակի չորէքներ քով քովի կը բերէ։ Օրինակ, ներկայիս Պոլսոյ մէջ բնակող նախկին սասունցիները դեռ կը շարունակեն մաստիկով չորէքին քով նաեւ իրենց աւանդական աղի չորէքը պատրաստել, որ աւելի նման է այօրուան Միջին Արեւելքի մէջ պատրաստուած չորէքներուն։

Երեւանի մէջ եղողը ի վերջոյ այլ «մածունով քէօֆթէ» մըն է

Երեւանի սուրիահայերուն հետ չորս հանդիպում ունեցանք։ Ասոնցմէ երեք հատը հարցազրոյցներ էին, որոնց ընթացքին առիթը ունեցանք  անձնական պատմութիւններէն ճամբայ ելլելով նաեւ լսել հաւաքական տեղային պատմութիւններ։ Փոքրիկ վայերու պատմութիւններ։ Հնարաւորութիւնը ունեցանք տարբեր աւանդութիւններ, մշակութային դրուագներ, ճաշի չափեր եւ հայերէնի զանազան բարբառներ հաւաքելու, այդպիսով մեր արխիւին մասնիկը դարձնելու։ Բախտը ունեցանք համտեսելու ճաշեր, որ պատրաստուած էին մեր հանդիպումներուն առիթով։ Բազմաթիւ ճաշատեսակներ համտեսեցինք, քանի մը հատը առաջին անգամ ըլլալով, օրինակ պորանի, վերը նշուած մածունով քէօֆթէն, սամսաք ուրֆա, պալճան (սմբուկի) քեպապ եւ դեռ ինչե՜ր։

Որքան ալ ջնջին ըլլայ այս փոփոխութիւնը,
«մածունով քէօֆթէ»ին բաղադրիչները եւ չափը Այնթապէն Հալէպ,
Հալէպէն Երեւան գաղթող ընտանիքի մը պատմութիւնն է։

Երեւանի մէջ եղողը ի վերջոյ այլ «մածունով քէօֆթէ» մըն է

Գաւաթ մը սուրճը քառասուն տարուան յիշատակ ունի

Թուրքիոյ հայերուս համար սուրճ հրամցնելը շատ կարեւոր է։ Երբ մեր տունը հիւր մը կու գայ անպայման սուրճ կը հրամցնենք։ Եթէ տան մը մէջ սուրճ խմենք, երբեք չենք մոռնար այսպէս բարիացակամութիւն մը ու կ՚ըսենք «գաւաթ մը սուրճը քառասուն տարուան յիշատակ ունի»։ Մեր աշխատանքներուն ատեն սորվեցանք որ սուրիահայերուն համար ալ սուրճ հրամցնելը նման կարեւութիւն ունի։ Սուրիահայեր երբ հիւրութեան երթան, որքան ալ բազմատեսակ ճաշեր ու զանազան խմիչքներ հրամցուի, երբ սուրճը պակաս ըլլայ, կ՚առնուին, տանտէրը կ՚այպանեն ու կ՚ըսեն. «գաւաթ մը սուրճ իսկ հրամցնող չեղաւ»։ Այս պատճառով էր որ մեր հանդիպումներուն ընթացքին որքան ալ կուշտ ըլլայինք, առանց վերջին սուրճին տուներէն զատուիլ չկրցանք։ Երբ սուրճի պատրաստութեան ատեն խոհանոց գացինք, տեսանք թէ պատրաստութիւնը մեր Պոլսականէն տարբեր է եղէր։ Մենք դգալ մը սուրճը պաղ ջուրի մէջ խառնելէ ետք մարմանդ կրակի վրայ կ՚եփենք որ փրփուրը առատ ըլլայ։ Իսկ սուրիահայերը նախ ջուրը կ՚եռացնեն ու յետոյ սուրճը կ՚աւելցնեն, որ առանց փրփուրի ըլլայ։ Շատ շուարած էինք։ Մեր տուներուն մէջ լաւ սուրճը անոր փրփուրուվ կը չափուի։ Ամէն տեղ այդպէս չէ եղեր։

Վերադառնալու փափաքը

Սուրիահայերուն հետ մեր աշխատանքի ընթացքին ականատես եղանք թէ լեզուն ինչպէս կ՚ազդուի։ Ճաշատեսակներու, երգերու, փողոցներու, սրճարաններու, թատրոններու, կառավարական շէնքերու, պարզ խանութներու մէջ գոյութիւն չունի արեւմտահայերնը, հետեւաբար արեւմտահայ մշակոյթին գոյատեւումը հնարաւոր է միայն տուներուն եւ նեղ շրջանակներուն մէջ։ Արեւմտահայերէնի գործածումը բնականաբար կը նուազի, եւ ասիկա ունի անմիջական գործնական պատճառներ, ինչպէս օրինակ դպրոցներուն մէջ միայն պետական հայերէն լեզուին դասաւանդումը եւ առօրեայ հաւաքական կեանքին մէջ արեւմտահայերէնին բացառձակ բացակայութիւնը։ Սուրիա կամ Լիբանանէն Հայաստան եկողներ որքան ալ իրենց միջեւ արեւմտահայերէնով խօսին, նոր սերունդը մեծ մասամբ նոր վայրին լեզուն կը գործածէ։ Օրինակ՝ մեր զրոյցներէն մէկուն ընթացքին, 12 տարի առաջ Սուրիայէն Հայաստան եկող երիտասարդ մը ըսաւ կը նախընտրէ արեւելահայերէնով խօսիլ առօրեայ կեանքին մէջ, «որ իր գործը կարենայ շարունակել։» Նաեւ շատեր իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ կամ Լիբանանի մէջ իրենց կեանքին մաս կազմած ակումբներուն ու միութենական կեանքին Հայաստանի մէջ չգոյութենէն ու ըսին թէ ինչպէս իրենց ծանօթ մշակութային գործունէութիւնները շարունակելու անկարող են պարզապէս։ Եւ այսպէս, մեր զրուցակիցներուն մեծ մասը յայտնեցին թէ իրենց ապագան չեն կրնար տեսնել Հայաստանի մէջ ու այս պատճառաւ կը փափաքին Սուրիա վերադառնալ։

Սակայն միւս կողմէն, վերադառնալ դէպի ո՞ւր։ Աշխարհի տարբեր ծայրերուն նոր կեանք հաստատած արեւմտահայեր նմանօրինակ կամ նոյնիսկ աւելի խառն զգացումներ կրնան ունենալ։ Օրինակ Լիբանանցի Սօսի Հաճեանը, որ այսօր Արժանթին կը բնակի, տեղափոխուելէն տասնըհինգ տարի ետք Լիբանան իր այցելութեան պահուն ունեցած «չպատկանելու զգացումը» հետեւեալ խօսքերով կ՚արտայայտէ.

«Գիտէ՞ս, շատ երիտասարդ եկայ հոս: Երբ որ տասնըհինգ տարի առաջ վերադարձայ ամուսինիս հետ մէկ ամիս մնացինք [Լիբանան], կարօտս արի բայց տեսայ որ ես փոխուած էի: Ալ այդ երկիրը իմ տեղս չէր: Որոշ բաներ տեսայ որ չսիրեցի, շատ նախնական: Ատանկ է, երբ որ կը ձգես եւ կը հեռանաս, կարօտը կը մնայ, բայց երբ որ ետ երթաս… Ոչ հոս կը պատկանիմ ոչ ալ հոն կը պատկանիմ, հասկցա՞ր: Ոչ լման արժանթինցի եմ ոչ ալ լման սուրիացի եմ։»

Սուրիահայերուն հետ մեր զրոյցներէն երեքը անհատական հարցազրոյցներ էին, իսկ մէկը մեթոտաբանական առումով տարբեր եղաւ միւսներէն։ Երբ մեր հանդիպումին տունը գացինք, տեսանք Ուրֆայի յատուկ ճաշերով ճոխ սեղան մը։ Մինչ մէկ կողմէն Ռոզ թանթիկին ու Անդրանիկ տայտային հետ միասին աւանդական Ուրֆայի ճաշեր համտեսեցինք, միւս կողմէն Սուրիական յայտնի օղին ընկերացաւ մեզի։ Մեզի համար հազուադէպ հադիպումին ընթացքին ճաշին հետ խօսեցանք մեզ հիւրասիրողներուն մանկութեան, նախնիներուն պատմութիւններուն, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին, իրենց վերապրումին եւ այսօր Հայաստանի մէջ իրենց աւանդութիւնները շարունակելուն եւ փոփոխութիւններուն մասին։ Ռոզ թանթիկ պատմեց թէ երբ Հայաստան նոր հասած էին, իրենց տունը առանց պատշգամի էր ու չէին կրնար մանղալ վառել եղեր։ Պատմեց թէ հիմակուան տունը փոխադրուած առաջին օրուան իրիկունը ինչպէս որպէս առաջին գործ մանղալ վառած էին։ Ուրֆացիի մը համար մանղալը անփոխարինելին է…։

Ճաշի ընթացքին Ռոզ թանթիկ Ուրֆացի իր մեծհօր սիրոյ նամակը կարդաց, որ Ուրֆայի թրքախառն բարբառով գրուած էր։ Բախտաւոր եղանք Ուրֆայի բարբառը լսելու ու արձանագրելու առիթը ունենալով։ Երբ կը խօսէինք իրենց այսօրուան կեանքին մասին, ըսին թէ պիտի փափաքէին վերադառնալ ու կարօտ են Հալէպի իրենց աւանդութեան, կեանքին ու մշակոյթին։

Պոլիս վերադառնալէն քիչ յետոյ Անդրանիկ տայտային մահուան լուրը ստացանք։ Թէ անչափ տխուր, բայց նոյն ատեն շատ գոհ էինք, որ անոր հետ ծանօթանացած, իրեն հացը կիսած ու այդ օրուան բոլոր հանդիպումը արձանագրել կրցած էինք։ Թող լոյսերու մէջ պարկի։

Վերջին երկու բառ

Իւրաքանչիւր հարցազրոյցէն անհամար բաներ սորվելով զատուեցանք։ Անձի մը ընտանեկան եւ սեփական պատմութիւնը մտիկ ընել, արձանագրել եւ հրամցնել, ձեւով մը պեղումներ ընելու տպաւորութիւնը կը ձգեն։ Կերակուրի մը անձնական ու մշակութային ըլլալը, ճաշասեղանին ստեղծած մտերմութիւնը, բանաւոր պատմութեան մեր աշխատանքը այլ զգացական դաշտ փոխադրեցին ու խօսակցութիւնները աւելի հարազատ դարձան։

bowl of food lot