Մեր մասին

Եաեաս եւ տէտէս ինչպիսի՞ մանկութիւն մը ունեցան։ Նարօտենց սարքած տոլման Ռուտիյենց պատրաստածէն ինչո՞ւ տարբեր է։ Տոլման միսո՞վ կ՚ըլլայ թէ առանց միսի։ Տունին մէջ ո՞ր օրօրները կ՚երգեն։ Ամէնն ալ նո՞յն հայերէնը կը խօսին։  Ձեր բարբառին մէջ «տղայ» ինչպէ՞ս  կ՚ըսեն։ Ձեր չէօրէքը աղի՞ կ՚ըլլայ թէ անուշ։ Մէջը ի՞նչ համեմ կը դնէք։

Տարբեր հայերէններ, տարբեր ճաշեր, տարբեր օրօրներ…

Տարիներ առաջ Անատոլու եւ Միջագետքէն գաղթած հայութիւնը ներկայիս իր աւանդութիւնները ու մշակոյթը ինչպէ՞ս կը պահէ։ Սկզբնական քայլ մը առինք մեր մտքերուն մէջ Արեւմտահայ մշակոյթի առընթեր այսպիսի բազմաթիւ հարցերով եւ լուծուեցանք աշխատելու մեր ծրագրին՝ Բանաւորին վրան

Կ՚ուզենք կարելի եղածին չափ անձի հասնիլ ու այսպէսով պատրաստել Արեւմտահայ մշակոյթի ապրող արխիւ մը։ Մեր այս նպատակով այցելած իւրաքանչիւր  տուն դարձաւ մեր հարազատը։
Մերթ շուարեցանք նմանութիւններուն, մերթ ալ տարբերութիւններուն վրան։

Բախտաւոր ենք, որ այս ծրագիրին շնորհիւ աշխարհի ամէն կողմէն անձերու եւ անոնց պատմութիւններուն կը ծանօթանանք։
Ուրախ ենք որ մեր ապրածը կրնանք բաժնել բոլորին հետ։

Անձնակազմ՝

Նարօտ Աւճը

Ռուտի Փուլաթեան

Օժանդակողներ