Տարիներ առաջ իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին Հրանտ Տինք յայտարարեց. «Իւրաքանչիւր հայ վաւերագիր մըն է»։ Իւրաքանչիւր մշակոյթ և իւրաքանչիւր անհատ կը յիշէ իր գոյութեան տարբեր շրջանները՝ անձնական փորձառութեամբ կամ իրեն պատմուած պատմութիւններով։ Հայերը յիշողութեան այս ձեւերէն դուրս չեն։ Հայոց ապրած կամ ուրիշներէ լսած դէպքերու յիշողութիւնները կրնան օգնել աւելի ամբողջական կերպով հասկնալու թէ՛ անցեալը, թէ՛ ներկան։ Հրանտ Տինքի ըմբռնումով՝ իւրաքանչիւր անձ վաւերագիր մըն է, որ լոյս կը սփռէ անցեալին վրայ։ Այս մէկը յատկապէս կարեւոր է պաշտօնական պատմագրութեամբ լուսանցք մղուած ընկերային-տնտեսական խումբերուն համար։
Մենք՝ Բանաւոր ծրագրի խումբի անդամներս, նախկինին մասնակցած էինք բանաւոր պատմութեան շարք մը ծրագիրներու և առիթ ունեցած՝ խմբագրելու բանաւոր պատմութեան մասին երկու գիրք։ Մեր աշխատանքը հիմնականին մէջ Թուրքիոյ մէջ կատարուած էր, իսկ հարցազրոյցները՝ մեծ մասամբ թրքերէն։ Բանաւորի համար ծրագրած հարցազրոյցները, սակայն, պէտք էր կատարէինք հայերէնով՝ լեզու մը, որմով մինչ այդ քիչ փորձառութիւն ունէինք. անոնք նաեւ Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս պիտի կատարուէին։ Նախքան Բանաւոր ծրագիրը գործի դնելը, մեր միտքին մէջ հարցումներու երկար ցանկ մը կար։ Ահա անոնցմէ քանի մը հատը. «Այսօր ո՞ւր կը պատրաստուին այն կերակուրները, որոնք ժամանակին Անատոլուի զանազան քաղաքներուն մէջ կը պատրաստուէին։», «Ինչպէ՞ս կերակուրներու պատրաստման եղանակները սերունդէ սերունդ փոխանցուած են։», «Ինչպէ՞ս կը տօնուէր Բարեկենդանը Մուսա լերան գիւղերուն մէջ, և ինչպէ՞ս կը տօնուի այսօր։», «1960-ականներուն Սասոնէն Պոլիս տեղափոխուած ընտանիք մը ինչպէ՞ս կը շարունակէ իր աւանդութիւնները այսօր։», «Ո՞ր երգերը կ՚երգուէին աւանդաբար Անատոլուի և Միջագետքի մէջ՝ նորածինները քնացնելու համար։»
Այս հարցերուն պատասխանները գտնելու համար, որոնք պաշտօնական պատմագրութեան մէջ տեղ չէին գտած և մնացած էին անոր ստուերին տակ, որոշեցինք բանաւոր պատմութեան հարցազրոյցներ կատարել Թուրքիոյ և արտասահմանի մէջ բնակող հայերու հետ՝ բացայայտելու և արխիւացնելու արեւմտահայ մշակոյթի հարստութիւնը։ Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնադրամի աջակցութեամբ կարելի դարձած Բանաւոր ծրագրով սկսանք արձանագրել արեւմտահայերէնի զանազան բարբառները, որոնք կը խօսուին տարբեր մայրցամաքներու, երկիրներու և քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ արեւմտահայ համայնքի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը։
Բանաւոր պատմութեան նշանակութիւնը
Բանաւոր պատմութեան մեթոտաբանութեան սկիզբը յաճախ կը զետեղուի 1948 թուականին, երբ Ալան Նեւինս Քոլումբիայի համալսարանին մէջ հիմնեց «Բանաւոր պատմութեան ծրագիրը»։[1] Նեւինս ընտրեց բանաւոր պատմութեան մօտեցումը, որովհետեւ կը կարծէր, թէ ատիկա ամենագործնական միջոցն էր «շրթերէն և թուղթերէն» տեղեկանալու դեռ ողջ այն ամերիկացիներուն փորձառութիւններուն, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած էին երկրի քաղաքական, տնտեսական և մշակութային կեանքին մէջ։ Դանիէլ Ռ. Քեր կը նշէ, որ Նեւինսին ոլորտի հիմնադիրը նկատելը կը նշանակէ անտեսել բանաւոր պատմութեան պատմական աւելի խոր արմատները։ Նեւինս կը շեշտէր բանաւոր պատմութեան ապացուցողական արժէքը և առաջնահերթութիւն կու տար վերնախաւին պատկանող անձերու պատմութիւններուն. այդ ծագումը որպէս ոլորտի միակ մեկնակէտ ներկայացնելը կրնայ անոր յետագայ զարգացումը սխալ կերպով մեկնաբանել։[2] Քերրի տարբեր ծագումնաբանական գիծ մը ներկայացուցած է, մինչ Ալիսթեր Թոմսըն իր յօդուածին մէջ հանգամանօրէն կը քննէ բանաւոր պատմութեան մեթոտաբանութեան զարգացումը և կը զատորոշէ չորս հարացուցային փոխակերպում, որոնք կարեւոր են թէ՛ տեսութեան, թէ՛ գործադրութեան համար։
Թոմսըն կ՚ըսէ, թէ առաջին հարացուցային փոխակերպումը տեղի ունեցաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ գիտնականները սկսան ընդունիլ բանաւոր վկայութիւններու արժանահաւատութիւնը՝ առանց զանոնք անտեսելու անոնց անձնական բնոյթին պատճառով։ Փոլ Թոմփսընի «Անցեալի ձայնը՝ բանաւոր պատմութիւն» հիմնարար գիրքը կարեւոր դեր խաղաց այս շարժումին մէջ՝ մարտահրաւէր նետելով Ռանքէեան աւանդոյթին, որ արխիւային հետազօտութիւնն ու գրուած աղբիւրները կը նկատէր պատմութեան ուսումնասիրման առաջնային միջոցներ։[3] Ի հակադրութիւն աւանդական գիտնականներուն, որոնք յիշողութիւնը կը համարէին պատմական աղբիւրի մը համար անվստահելի, Թոմսըն բանաւոր պատմութեան արմատները կը տանի մինչեւ հին ժամանակներ և կը նշէ Հերոդոտոսի և Պետէի նման պատմագիրներու կարեւորութիւնը. անոնք իրենց գործերը պատրաստած էին՝ հիմնուելով միայն ականատեսներու վկայութիւններուն վրայ։[4] Բանաւոր աղբիւրներու պատմական բնոյթը քննարկելով՝ Թոմսըն կը պնդէ, որ բանաւոր պատմութեան մեթոտաբանութիւնը փոխակերպիչ ազդեցութիւն ունի թէ՛ պատմութեան բովանդակութեան, թէ՛ զայն գրի առնելու գործընթացին վրայ, որովհետեւ ձայն տուած է մեծաթիւ խումբերու, որոնք նախապէս անտեսուած էին։[5]
Երկրորդ հարացուցային փոխակերպումը ձեւաւորուեցաւ ի պատասխան աւանդական փաստագրական պատմաբաններուն։ Բանաւոր պատմութեան դէմ գլխաւոր քննադատութիւնն այն էր, թէ «յիշողութիւնը կը խաթարուի ծերութեան ֆիզիքական վատթարացումին և կարօտախտին, հարցազրուցավարին ու զրուցատուին անձնական կողմնակալութեան, ինչպէս նաեւ անցեալի հաւաքական և յետահայեաց մեկնաբանութիւններուն ազդեցութեան հետեւանքով»։[6] Այս քննադատութեան պատասխանելու համար բանաւոր պատմաբանները ուղեցոյցներ մշակեցին և ընկերաբանութենէն ու մարդաբանութենէն որդեգրեցին մեթոտներ։ Ամենակարեւոր փոխակերպումը, սակայն, տեղի ունեցաւ 1970-ականներուն, երբ բանաւոր պատմաբանները սկսան պնդել, որ զրուցատուին անհատական տեսանկիւնը և անոր յիշողութեան սխալականութիւնը, որոնք նախապէս կը համարուէին մեթոտաբանութեան մեծագոյն թերութիւնները, իրականութեան մէջ անոր ամենէն կարեւոր ուժերէն են։ Անցեալը պատմելու տարբեր եղանակները անխուսափելիօրէն կը բացայայտեն, թէ զրուցատուները ինչպէ՛ս կը մեկնաբանեն իրենց փորձառութիւնը։ Լուիսա Փասերինին կը նշէ, որ բանաւոր վկայութեան արժէքը կրնայ կայանալ ոչ թէ փաստին հաւատարիմ մնալուն, այլ անկէ շեղելուն մէջ։[7] Նոյնիսկ «սխալ» պատմութիւնները կրնան հոգեբանօրէն «ճշմարիտ» ըլլալ, և այդ ճշմարտութիւնը կրնայ նոյնքան կարեւոր ըլլալ, որքան փաստերուն համապատասխանող վկայութիւնը։ Ուրիշ խօսքով՝ բանաւոր պատմութիւնը կը հետաքրքրուի ոչ միայն պատահածով, այլեւ մարդոց մտածածով և դէպքերը հասկնալու կերպով։ Անդրադառնալով իր փորձառութեան՝ Ռոնալտ Ճ. Գրելեն կը նշէ, որ բանաւոր պատմութիւնը կը բացայայտէ ոչ միայն թէ ինչպէ՛ս զրուցատուները իւրացուցած ու մշակած են իրենց տեսածը, այլեւ թէ ինչպէ՛ս իրենց անձնաւորութիւնն ու ընկերային ուժերը կը ձեւաւորեն յիշողութիւնը՝ անցեալը մեկնաբանելու որոշ եղանակներ դիւրացնելով կամ արգելակելով։[8]
Թոմսըն երրորդ հարացուցային փոխակերպումը կը կապէ այն պահուն հետ, երբ բանաւոր պատմութեան գործնականները աւելի ու աւելի գիտակից դարձան այն ազդեցութեան, զոր հարցազրոյցները կ՚ունենային իրենց վրայ և իրենց վերլուծութեան վրայ։ Մեծ բանավէճերէն մէկը նաեւ հարցազրոյցի պայմաններուն մէջ հետազօտողին դիրքին մասին էր, որ իր կարգին կ՚ազդէր զրուցատուին ինքնընկալման վրայ։ Լին Աբրամսը բանաւոր պատմութիւնը կը սահմանէ իբրեւ «ամէն ինչ ընդգրկող եզր» մը. անիկա կը նշանակէ թէ՛ հարցազրոյցներ վարել՝ զրուցատուին կեանքի կարեւոր դէպքերը ի յայտ բերելու համար, թէ՛ այդ հարցազրոյցներուն արդիւնքը։[9] Հետեւաբար, բանաւոր պատմութիւնը կը վերաբերի ոչ միայն զրուցատուին պատմածներուն, այլեւ բուն գործընթացին, որ ուղղակիօրէն կ՚ազդէ հարցազրոյցին ընթացքին պատմուածին վրայ։
Թոմսըն կ՚ըսէ, թէ չորրորդ հարացուցային փոխակերպումը ներկայիս տեղի կ՚ունենայ՝ արուեստագիտական յառաջդիմութեան շնորհիւ, որ մեթոտաբանութեան նոր գործիքներ կը տրամադրէ։ Իր յօդուածին մէջ Թոմսըն կը խօսի արուեստագիտութեան օժանդակ դերին մասին, ինչպէս՝ բանաւոր պատմութեան հարցազրոյցներու ձայնագրութիւնը, պահպանումը, ցանկագրումը, մեկնաբանութիւնը, բաժանումը և ներկայացումը։ COVID-19 համավարակէն ետք այդ գործիքներուն կարեւորութիւնը զգալիօրէն աճեցաւ։ Երբ հետազօտական աշխատանքը պիտի շարունակուէր այն պայմաններուն մէջ, ուր ընկերային շփումը սահմանափակուած էր, ֆիզիքական հեռաւորութիւնը շատ աւելի կարեւոր դարձաւ, իսկ դիմակ կրելը շարք մը դժուարութիւններ յառաջացուց։
Բանաւորի մեթոտաբանութիւնը
Բանաւորի աշխատանքի ընթացքին հարցազրոյցներուն մօտաւորապէս կէսը կատարեցինք դէմ առ դէմ, իսկ միւս կէսը՝ առցանց, Zoom-ի միջոցով։ Ե՛ւ առցանց, ե՛ւ դէմ առ դէմ հարցազրոյցներն ունին դրական ու բացասական կողմեր, որոնք կ՚ազդեն հարցազրոյցին ընթացքին վրայ։ Դէմ առ դէմ զրոյցները կարեւոր են պատասխանները լաւ հասկնալու և «ճիշդ» հարցերը ձեւակերպելու համար, որովհետեւ հարցազրուցավարը կրնայ դիտել զրուցատուին մարմնի լեզուն։ Անոր մօտ ըլլալը, անձնական միջավայրին մէջ միասին ժամանակ անցընելը և հարցումներու ընթացքին ձայնի ելեւէջներն ու դիմախաղը նկատելը դէմ առ դէմ հարցազրոյցներու առաւելութիւններէն միայն քանի մը հատն են։ Ֆիզիքական մօտիկութիւնը կրնայ անկեղծութեան զգացում ստեղծել, ինչ որ կը նպաստէ աւելի սահուն զրոյցի և աւելի արագ վստահութեան ձեւաւորման։ Միւս կողմէ, դէմ առ դէմ հարցազրոյցի ընթացքին բազմաթիւ սարքերու՝ տեսախցիկներու, ձայնագրիչներու և եռոտանիներու ներկայութիւնը կրնայ բացասաբար ազդել զրուցատուներու պատմածին վրայ, մանաւանդ երբ անոնք ցաւալի փորձառութիւններ կը պատմեն։ Իսկ ցրուած բնակավայրերը, մեծ հեռաւորութիւնները, ժամանակի սղութիւնն ու ճամբորդական սահմանափակումները առցանց հարցազրոյցները կը դարձնեն արդիւնաւէտ միջոց՝ մարդոց հետ կապ հաստատելու և արխիւ ստեղծելու համար։
Բանաւորի համար առիթ ունեցանք հարցազրոյցներ վարելու թէ՛ դէմ առ դէմ, թէ՛ առցանց։ Մէկ տարուան նման կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ աշխարհի տարբեր կողմերը բնակող հայերու հետ հարցազրոյցներ վարելու կարելիութիւնը առցանց աշխատանքի մեծագոյն առաւելութիւնն էր։ Այս ձեւով կրնայինք նոյն օրուան առաւօտուն հարցազրոյց ունենալ Լիբանանահայու մը, իսկ երեկոյեան՝ Գանատահայու մը հետ։ COVID-19 համավարակի ժամանակ Zoom գործածելով՝ «Քնալը Կղզիի Հայերը Կը Խօսին» գիրքին համար հարցազրոյցներ վարած էինք. այդ նախորդ փորձառութեան շնորհիւ առցանց զրոյցները մեզի համար դժուարութիւն չստեղծեցին։ Կ՚ուզէինք զրուցատուներու տուներուն մէջ հարցազրոյցներ վարել և դաշտային աշխատանք կատարել Արժանթինի, Լիբանանի և Գանատայի մէջ. յառաջիկայ տարիներուն կը յուսանք այս նպատակին հասնիլ։ Առցանց հարցազրոյցներուն շնորհիւ, սակայն, կրցանք զրուցել այն երկիրներուն մէջ ապրող մարդոց հետ, ուր ֆիզիքապէս ներկայ ըլլալով՝ չէինք կրնար ձայնագրել անոնց հայերէնի բարբառները և լսել ընտանեկան պատմութիւններու, խոհարարական մշակոյթի, օրօրներու և աղօթքներու մասին անոնց յիշողութիւնները։
Հարցազրոյցները սկսած էինք՝ որոշելով այն չափանիշները, որոնց վրայ պիտի կեդրոնանայինք՝ երկիր, քաղաք, տարիք և սեռային բաշխում, ապա սկսանք հաւանական զրուցատուներու ցանկ մը կազմել։ Վեց տարբեր երկիրներէ 24 անձի հետ հարցազրոյց վարելէ առաջ, կապ հաստատեցինք պոլսահայերու հետ, որոնք կրնային մեզի արժէքաւոր տեղեկութիւններ փոխանցել։ Պոլսոյ մէջ զրուցատուներ գտնելը շատ աւելի դիւրին էր, քան այլ երկիրներու կամ վայրերու մէջ։
Առցանց հարցազրոյցներու պարագային, տարբեր քաղաքներու մէջ ապրող մեր բարեկամներուն և արդէն հարցազրոյց տուած մարդոց օգնութեամբ կապ հաստատեցինք նոր զրուցատուներու հետ։ Օրինակ՝ Վաքըֆլը գիւղին մէջ հարցազրոյցները սկսելու առաջ կապ հաստատեցինք գիւղի կոոպերաթիւին անդամ Լորա Պայթարի հետ, որ մեզի օգնեց գիւղացիներուն հետ ծանօթանալու։ Վաքըֆլը գիւղին մէջ գտնուած ժամանակ այցելեցինք զանազան վայրեր՝ սրճարան, մոթել, եկեղեցի, կոոպերաթիւ և թանգարան։ Այնտեղ հանդիպած մարդոց պատմեցինք մեր ծրագրին մասին, և այսպէս նոր զրուցատուներ գտանք։
Ազնիւ Ստեփանեանի շնորհիւ կապ հաստատեցինք Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Հայաստան ներգաղթած սուրիահայերու հետ, և անոր միջոցով կրցանք քանի մը հարցազրոյց կազմակերպել։ Ծրագրի առաջին փուլին հաստատած յարաբերութիւններուն շնորհիւ հարցազրոյցներ վարեցինք ինը տարբեր երկիրներու մէջ ապրող մարդոց հետ։
Այս հարցազրոյցներուն շնորհիւ լսեցինք զանազան պատմութիւններ, ընտանեկան պատմութիւններու վրայ հիմնուած արխիւ մը կազմեցինք և պատմութեան այլընտրանքային ընթերցում մը առաջարկեցինք։ Բանաւոր ծրագրով կը ձգտինք հարցազրոյցները վարել այնպէս, որ աւելի շատ կեդրոնանանք անհատներու վկայութիւններուն, քան հարցումներուն վրայ։ Նախքան հարցազրոյցները սկսիլը՝ ընտրեցինք մեզ հետաքրքրող թեմաները և համապատասխանաբար հիմնաբառերու ցանկ մը կազմեցինք։ Այդուհանդերձ, կը խուսափէինք այդ բառերով միջամտել զրուցատուներու պատմածին և զանոնք կ՚օգտագործէինք միայն անհրաժեշտութեան պարագային։
Վտանգուած մշակոյթ մը
Այն իրողութիւնը, որ արեւմտահայ համայնքները այսօր զանազան երկիրներու մէջ կ՚ապրին, կը նշանակէ, թէ իրենց սեփական մշակոյթը զարգացնելու հնարաւորութիւններն աւելի սահմանափակ են։ Արեւմտահայերը, որոնք իրենց բնակած երկիրներու պաշտօնական պատմագրութեան մէջ տեղ չեն գտած, իրենց մշակոյթը կը պահպանեն հիմնականին մէջ դպրոցներու, եկեղեցիներու և միութիւններու նման հաստատութիւններու միջոցով, կամ ընտանիքի երիտասարդ անդամներուն իրենց աւանդոյթները փոխանցելով։ Բանաւոր պատմութեան մեթոտաբանութիւնը յատկապէս կարեւոր է արեւմտահայութեան դիմագրաւած առանձնայատուկ պայմաններուն մէջ՝ հայկական մշակոյթը պահպանելու և պաշտպանելու համար։ Օրինակ՝ Լիբանան բնակող, բայց Կեսարիայէն ծագող Արփի Մանկասարեանը անգիր գիտէ իր մեծ մօրաքրոջ իրեն սորվեցուցած թրքերէն աղօթքը, թէեւ թրքերէն չէր գիտեր, և քաջաբար կ՚արտասանէ զայն։ Բանաւոր պատմութեան հարցազրոյցներուն միջոցով կրցանք պահպանել ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան այնպիսի տարրեր, ինչպէս աղօթքները, օրօրները, կերակուրներու պատրաստման եղանակները և աւանդոյթները, որոնք ընտանիքներուն մէջ սերունդէ սերունդ փոխանցուած էին, բայց գրականութեան մէջ արձանագրուած չէին։
Հայկական մշակոյթի կարեւոր տարրերու անհետացումը կանխելու անհրաժեշտութիւնը ուսումնասիրութեան կարեւոր եզրակացութիւններէն մէկն է. այդ ժառանգութիւնը կը կրեն տարեցները, որոնց թիւը տարուէ տարի կը նուազի։ Անդրանիկ Քիլեճիեանի և Իսկենտեր Աղազարեանի մահերը այս իրողութեան ցայտուն օրինակներն են։ Անդրանիկ Քիլեճիեանի հետ հարցազրոյցը կատարած էինք Հայաստանի մէջ, հակառակ անոր որ ան ծնած ու մեծցած էր Սուրիոյ մէջ և Այնթապէն էր ծագումով։ Իսկենտեր Աղազարեան ծնած էր Հաթայի Սողուքոլուք գիւղին մէջ և մահացած էր Գանատայի մէջ։ Եթէ այս նախագիծը այսօր սկսէինք, չէինք կրնար ձեռք բերել այս երկու արժէքաւոր պատմողներուն ներդրումները. անոնք Միջագետքէն սերած էին և իրենց կեանքին ընթացքին ապրած էին աշխարհի իրարմէ հեռու ու զանազան շրջաններու մէջ։
Ծանօթագրութիւններ
[1] Սաւուլ Պենիսոն, «Խորհուրդներ Բանաւոր Պատմութեան մասին» (“Reflections on Oral History,”) The American Archivist 28, no. 1 (1965): 71.
[2] Դանիէլ Ռ. Քերր,«Ալլան Նեւինսը իմ Մեծհայրս չէ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Արմատական Բանաւոր Պատմութեան Կատարման Հիմքերը» The Oral History Review 43, no. 2 (2016), p. 369.
[3] Ալիստեր Թոմփսոն, «Չորս Նախատիպային Փոխակերումներ Բանաւոր Պատմութեան ՄԷջ,» The Oral History Review 34, no. 1 (2007), p. 51.
[4] Փոլ Թոմփսոն, Անցեալին Ձայնը՝ Բանաւոր Պատմութիւն, 3rd edition (Oxford England; New York: Oxford University Press, 2000), p. 31.
[5] Թոմփսոն, տես pp. 8-12.
[6] Ibid., p. 53
[7] Լուիզա Փասերինի, «Իտալական Ֆաշականութեան Տակ Աշխատանքի Գաղափարախօսութիւն եւ Հաւանութիւն» History Workshop, no. 8 (1979), p. 84.
[8] Ռոնալտ Ճ. Կրել, Ձայնի Պահարաններ՝ Բանաւոր Պատմութեան Արուեստը, 2nd Edition (New York; Westport, Connecticut; London: Praeger, 1991), p. 245.
[9] Լին Ապրամս, Բանաւոր Պատմութեան Տեսութիւն, (London; New York, NY: Routledge, 2010), 2.