«Եայայէս ու հօրմէս խղճի այս հարցը ինծի ալ փոխանցուեցաւ։ Ամէնէն մնայուն ժառանգութիւնը ասիկա պէտք է ըլլայ։ Եթէ մնացածը տուն, կահ-կարասի ըլլար՝ ծախուած, գացած կ՚ըլլար, եթէ դրամ ըլլար՝ կը ծախսուէր, կը հատնէր։ Սակայն, մինչ եայայիս ու հօրս փնտռտուքները ոչ մէկ արդիւնք տուած էին, ես ի՞նչ կրնայի ընել, եթէ ոչ՝ առնուազն հալվա մը խարկել։
Այլեւս ոչ մէկ հաւանականութիւն կայ Մարտիկ հօրեղբօրս ողջ ըլլալուն։ Նոյնիսկ եթէ վերապրած էր այն դժոխային օրերէն, այսօր այլեւս ծերութենէն մահացած պէտք է ըլլայ։ Եւ քանի որ իր մահուան թուականը յայտնի չէ, ամէն հալվա խարկելուս «Հայր մեր» մըն ալ Մարտիկ հօրեղբօրս համար կ՚ըսեմ։
Իմ խոհանոցէս ո՛չ սիմինտրը, ո՛չ փոշի շաքարը, ո՛չ իւղն ու եղեւինի պիստակը պակաս կ՚ըլլան։ Երբեմն մեծ հայրերուս, որոնց երեսն իսկ տեսած չեմ, երբեմն տարիներ առաջ մահացած ազգականի մը, երբեմն ալ նոյն շաբաթը հողին յանձնուած սիրելի մերձաւորի մը հոգւոյն սիմինտրի հալվա կը խարկեմ։ Իրականութեան մէջ հալվան պատրուակ է, խոհանոց կը մտնեմ անգամ մը եւս ոգեկոչելու համար այն սիրելիներս, կարօտցածներս ու բոլոր անոնք որոնց մահուան չեմ ու չեմ կրցած հաւատալ։
...
հալվան կերէք ինչպէս որ կ՚ուզէք, գաղջ կամ պաղ. որո՛ւն հոգիին համար որ ուզէք պատրաստեցէք. ձեր մեծ մօր, կամ մեծ հօր. Սակայն պիտի խնդրեմ ձեզմէ որ չմոռնաք յիշել նաեւ Մարտիկ հօրեղբայրս։ Այդպէսով թերեւս կը խաղաղին Թագուհի եայայիս խիղճն ու կոտրտած ոսկորները։
Թագուհի Թովմասեան իր «Մեր Շէն Սեղանէն» խորագրեալ գիրքին բաժիններէն մէկուն մէջ կը պատմէ սիմինտրի հալվայի մասին։ Գիրքին մէջ ան կը պատմէ, թէ ինչպէս իր ընտանիքը տարիներ շարունակ փնտռեց Մարտիկը, եւ թէ ինչպէս անոր բացակայութեան ցաւը ժառանգութեան պէս փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ։ Ընտանիքէն իրեն փոխանցուած այս ժառանգութիւնը միայն բարոյական ազդեցութեամբ չի սահմանափակուիր, այլ կը ձեւաւորէ նաեւ իր խոհանոցին մէջ գործածած համեմունքներն ու այլ բաղադրիչները։ Գիրքին «Հալվա» բաժինին մէջ Թագուհի Թովմասեան այս միջսերունդային ցաւը կը ներկայացնէ Մարտիկի համար հալվա պատրաստելու պատմութեամբ եւ կը գրէ. «Նոյնիսկ եթէ վերապրած էր, այսօր այլեւս մահացած պէտք է ըլլայ։» Երբ այս բաժինը կարդացինք, մենք ալ հալվա խարկեցինք մեր ընտանիքի Յարամսին Հօրաքին եւ Սամուէլ Քեռիին համար՝ ըսելով. «Անոնք ալ այսօր այլեւս մահացած պէտք է ըլլան»։ Թուրքիոյ զանազան համայնքներուն նման, մենք եւս՝ որպէս Թուրքիոյ հայեր, մեր ննջեցեալներուն համար հալվա կը խարկենք եւ զայն կը բաժնենք մեր դրացիներուն ու բարեկամներուն՝ անոնց հոգիներուն համար։ Մեզի համար հալվա խարկելը, ճաշ եփելն ու ուրիշներու հետ կիսելը սուգի շրջանին մաս կը կազմեն. այսպէս կը բաժնենք մեր հարազատը կորսնցնելու վիշտը։ Ընտանիքին միջոցներուն համաձայն պատրաստուած իւրաքանչիւր ճաշի սեղանին շուրջ կը յիշատակեն ննջեցեալը եւ անոր հոգիին համար կ՚աղօթեն։ Բանաւոր ծրագիրին համար մեր կատարած հարցազրոյցներուն ընթացքին տեսանք, որ թաղումի, հարսանիքի ու ծնունդի նման առիթներուն պատրաստուած ուտեստները, անոնց պատրաստման եղանակներն ու գործածուած համեմունքները կը տարբերին՝ ըստ մարդոց ծննդավայրին կամ նոր բնակավայրին պայմաններուն։ Օրինակ՝ երբ Ռոզա թանթիկը տակաւին Սուրիոյ մէջ կը բնակէր, կրակարան մը սարքելու եւ անոր վրայ զանազան ուտեստներ եփելու դժուարութիւն չունէր։ Սակայն Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով ընտանիքին հետ Երեւան գաղթելէ ետք, չկրցաւ շարունակել այս սովորութիւնը։ Նոր բնակարանին մէջ պատշգամ չունենալուն պատճառով որոշ ժամանակ կրակարան սարքել չկրցաւ, եւ այս պարագան իրեն համար բաւական դժուար եղաւ։ Որոշ ժամանակ ետք, երբ Երեւանի մէջ պատշգամով նոր յարկաբաժին մը տեղափոխուեցան, անոր առաջին գործը կրակարանը սարքելն ու անոր վրայ զանազան քեպապներ եփելն էր։ Մեր այցելութեան օրը Ռոզա թանթիկը դարձեալ վառեց իր սիրելի կրակարանը. իր պատրաստած բազմազան համեղ ուտեստներուն մէջ նաեւ սմբուկի քեպապ կար։
Ռոզա թանթիկի՝ պատշգամով յարկաբաժին մը ունենալու փափաքը այդ փոփոխութիւններուն օրինակն է։ Մեր զրուցակիցներուն պատմութիւնները լսելէ ետք նշմարեցինք, որ տարբեր մայրցամաքներու, երկիրներու եւ նոյնիսկ քաղաքներու միջեւ տեղափոխուիլը կը փոխէ մարդոց ճաշ եփելու եւ ուտելու սովորութիւնները։ Այս փոփոխութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան անձերու ինքնութեան ձեւաւորման մէջ։ Յակոբ Պարոնեան իր «Պտոյտ մը Պոլսահայ թաղերուն մէջ» գիրքին մէջ կը նկարագրէ, թէ թաղերու մթնոլորտը ինչպէս կ՚ազդէ բնակիչներու քաղաքական կեցուածքին եւ ուտելու-խմելու սովորութիւններուն վրայ։ ԺԹ դարու երկրորդ կէսին Պոլսոյ 34 թաղերը նկարագրելով՝ Պարոնեան իւրաքանչիւր թաղամասը կը ներկայացնէ որպէս միւսներէն տարբեր եւ կը նշէ, թէ թաղի մթնոլորտը կ՚ազդէ մարդոց ուտելու եւ խմելու սովորութիւններուն վրայ։ Ըստ Պարոնեանի՝ Սամաթիոյ մթնոլորտն ու այնտեղ ռաքը խմելու սովորութիւնը որոշ չափով զուգահեռ եւ փոխկապակցուած են։ Ան Սամաթիոյ մասին գրութիւնը կը սկսի հետեւեալ խօսքերով. «Ռաքը չխմողները թող հեռանան… Անոնք այս թաղը մտնելու իրաւունք չունին։»
Հարցազրոյցներուն ընթացքին նկատեցինք, որ տարբեր շրջաններու մարդոց միջեւ տարբերութիւններու կողքին նաեւ բազմաթիւ ընդհանրութիւններ կային։ Այդ ընդհանրութիւններէն ամենէն ցայտունը զրուցակիցներուն՝ մեզ իրենց տուներուն մէջ հիւրընկալելու մեծ փափաքն էր։ Ճաշի մշակոյթը կը ներառէ խոհանոցին առնչուող բազմաթիւ աւանդութիւններ ու ծէսեր։ Ռոպին Ֆոքսի կարծիքով՝ սեղանի մը շուրջ հաւաքուիլը, ճաշ պատրաստելն ու զայն կիսելը ընկերային մղում մըն է։ Ան կը գրէ. «Ճաշը նաեւ այլասիրութեան պահ մըն է որ պէտք ունի արտայայտութիւն գտնալու կիսելով, բաժնելով եւ նուիրելով, կարեւոր չէ թէ ծնողներէն դէպի երախաներուն, երախաներէն դէպի խնամիներուն կամ հիւր եւ անծանօթ որեւէ մէկու մը ըլլայ։» Ֆոքս կը սահմանէ ճաշ կիսելը որպէս սէր արտայայտելու միջոց։ Ֆոքսին նշած այս իրավիճակը մենք բազմաթիւ անգամներով վերստին ապրեցանք մեր զանազան քաղաքներու մէջ կատարած հանդիպումներու ընթացքին։ Ռոզա թանթիկին Երեւանի յարկաբաժինին մէջ մեզի համար սարքած կրակարանը Վաքըֆլը գիւղի մէջ ալ քանի մը անգամ սարքուեցաւ։ Վաքըֆլը գիւղի եւ Երեւանի մեր փորձառութիւններուն նման ուրիշ դէպք մըն ալ պատահեցաւ Պոլսոյ մէջ՝ Եըլտըզ քոյրիկին տունը։ Եըլտըզ քոյրիկը՝ ծնունդով Կեսարիայէն, այդ օրը առանց ձանձրանալու մեզի համար մանթըի տասնեակ տեսակներ պատրաստեց, բոլորը եփեց եւ, կարծես իր ըրածը բաւարար չըլլար, պատրաստութեան ընթացքին իր գեղեցիկ ձայնով երգեց։ Թէեւ այստեղ միայն քանի մը հոգիի անուն կրնանք նշել, գրեթէ մեր բոլոր զրուցակիցները մեզի համար պատրաստեցին խիստ ֆիզիքական աշխատանք պահանջող ճաշեր՝ պորանի, թթու, մածունով քոֆթէ, մայիսի տոլմա, թոփիկ եւ այլն, ու մեզի հրամցուցին։ Այդ օրերուն մեր զրուցակիցները մեզի հետ կիսեցին ոչ միայն իրենց պատրաստած համեղ ուտեստները, այլեւ իրենց անձնական պատմութիւնները։
2022 թուականի Նոյեմբերէն ի վեր, երբ սկսանք Բանաւոր ծրագրին համար հարցազրոյցներ կատարել, առիթ ունեցանք բազմազան սեղաններու շուրջ նստելու։
Նոյնիսկ միայն Պոլսոյ մէջ կատարած մեր հանդիպումներուն ընթացքին, ընտանիքներուն գաղթի վայրը կ՚ազդէր այդ օրուան սեղանին դրուած ուտեստներուն վրայ։ Թէեւ այս ընտանիքները երկար տարիներէ ի վեր Պոլսոյ մէջ կը բնակին, սակայն իրենց նախնիներուն՝ Անատոլուի տարբեր շրջաններէն՝ Մուսա Տաղէն, Կեսարիայէն, Սասոնէն ու Կարինէն գաղթած ըլլալուն պատճառով իրենց ճաշերուն մէջ գործածած համեմունքները տարբեր կը մնան։ Այս մարդոց՝ նոյնիսկ տասնամեակներ անց իրենց նախնիներուն պատրաստած ճաշերուն ու գործածած համեմունքներուն հաւատարիմ մնալու ջանքը կարելի չէ բացատրել միայն անձնական ճաշակով։ Կը կարծենք, որ այս սեղաններուն ճաշատեսակները կը յայտնեն ոչ միայն մարդոց անհատական նախասիրութիւնները, այլեւ այն «ժառանգուած» մշակոյթը, զոր անոնք կը ջանան պահպանել։ Այս ժառանգութիւնը միայն ճաշի մը բաղադրատոմսը կամ պատրաստման յատուկ եղանակը գիտնալու մասին չէ. կարեւոր է նաեւ զայն սերունդէ սերունդ փոխանցել։ Օրինակ՝ Վաքըֆլը գիւղի մէջ մեր աշխատանքի ամբողջ ընթացքին գրեթէ բոլոր զրուցակիցները, որոնց տուներուն մէջ հիւր եղանք, մեզի պատմեցին հարիսայի կարեւորութեան եւ անոր ներկայացուցած արժէքներուն մասին։ Մեր դաշտային աշխատանքի ընթացքին, Մուսա լեռան դիմադրութենէն 107 տարի անց, տեսանք թէ ամէն Օգոստոս եօթը կաթսայ կը հանեն՝ 1915էն առաջ շրջանի գիւղերը ներկայացնելու եւ նախնիներուն մղած գոյապայքարը յիշատակելու համար։ Միսակ ախբարիկը մեզի հետեւեալ խօսքերով կը նկարագրէ.
«Բայց մեր գիւղին հիմնական դէպքը, ըսենք որ այն է երբ Աստուածածնի տօնին առիթով հարիսա եփելու կը պատրաստուին։ Ասիկա Մուսա լեռցի ժողովուրդին համար շատ կարեւոր բան մըն է։ Ասիկա Մուսա Լեռը չէ, դուք հիմա Վաքըֆլը գիւղի Մուսա Լեռան հիմքը կը գտնուիք։ Մուսա Լեռցի մարդիկը, ուր ալ երթան, Հայաստան, Այնճար, Փարիզ եւ կամ Ամերիկայի տարբեր քաղաքներուն մէջ, աշխարհի չորս կողմը տարածուած են, եւ հարիսան Մուսա Լեռցի ժողովուրդին համար հին եւ հիմնական աւանդական ճաշն է։»
Հարցազրոյցներուն հիման վրայ կրնանք ըսել, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուող խոհարարական մշակոյթն ու ուտելու սովորութիւնները, անձնականէն զատ, ընկերային հիմք ալ ունին։ Կարելի է նաեւ ընդգծել, որ որոշ խոհարարական մշակոյթի մը մէջ մեծցած մարդիկ կ՚ազդուին յատուկ առիթներու համար պատրաստուող ճաշերէն եւ, ինչպէս տեսանք կարգ մը օրինակներու մէջ, անոնց պատրաստութեան ընթացքին կատարուող ծէսերէն։ Երբ մարդիկ կը սահմանեն իրենց ինքնութիւնը, այս փորձառութիւնները կը յիշատակեն իբրեւ կարեւոր նշաններ։ Այս երեւոյթը կ՚արտայայտուի տարբեր օրինակներով՝ Ռոզա թանթիկին կրակարան սարքելու եւ անոր վրայ աւանդական Ուրֆայի ճաշեր պատրաստելու ցանկութեամբ, Եըլտըզ քոյրիկին՝ բազմատեսակ մանթը պատրաստելով Կեսարիոյ մշակոյթը անհետացումէ փրկելու ջանքով, եւ Վաքըֆլը գիւղի բնակիչներուն՝ իրենց աւանդութիւններով հանդերձ հարիսա պատրաստելու սովորութիւնը տասնամեակներ շարունակելով։ Նատալիա Ֆետորչակի համաձայն՝ ճաշն ու մշակոյթը անքակտելիօրէն կապուած են։ Իւրաքանչիւր ճաշատեսակ կապուած է ազգի մը պատմութեան, պատմութիւններուն եւ խորապէս անձնական մշակութային փորձառութիւններուն հետ։ Ան կը պնդէ, որ ճաշը մարդու ինքնութեան եւ մշակոյթին հետ կապին կարեւոր բաղադրիչն է։ Ֆետորչակի համաձայն՝ խոհարարական մշակոյթը վիշտը կիսելու, սէր արտայայտելու եւ մարդոց միջեւ կապեր հաստատելու միջոց է. ան կարեւոր դեր ունի ինքնութեան ձեւաւորման մէջ։ Մեր ճաշակի նախասիրութիւններն ու այն պատկերները, որոնք մեր յիշողութեան մէջ ճաշերու հետ կ՚առնչուին, սերտօրէն կապուած են այն ընտանիքներուն, միջավայրին ու մշակոյթին հետ, որոնց մէջ կ՚ապրինք։